Դարաշրջանի մը մէջ, որ կը բնութագրուի արհեստագիտական սրընթաց յառաջդիմութեամբ եւ հասարակական-ընկերային յարատեւ փոփոխութիւններով, «տուփէն դուրս» (outside the box) մտածելու կարողութիւնը երբե՛ք այսքան կարեւոր չէ եղած: Մտածելու այս ձեւը, որ կը գլէ ու կ’անցնի աւանդական սահմանները, մղիչ ուժը կը հանդիսանայ գիտական ու քաղաղաքական-ընկերային որեւէ փոփոխութեան ու յառաջդիմութեան: «Տուփէն դուրս» մտածել կը նշանակէ հարցերուն մօտենալ նոր տեսանկիւններէ, մերժել առկայ նորմերը եւ ընդունիլ ոչ-աւանդական լուծումներ: Ան կը պահանջէ ստեղծագործ միտք, լայնամտութիւն եւ ձեռնոցներ վերցնելու պատրաստակամութիւն:
Հայոց պատմութեան մէջ, տուփէն դուրս մտածողներ եղած են, օրինակ, մեր կարծիքով, Մեծն Տիգրանը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Պապ թագաւորը, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփան, Բագրատունեաց թագաւորութեան հիմնադիր Աշոտ Ա Մեծը, Գրիգոր Նարեկացին, Իսրայէլ Օրին, Խաչատուր Աբովեանը, Րաֆֆին, Կոմիտասը, Յովհաննէս Թումանեանը, Արամ Մանուկեանը, Պօղոս Նուպար Փաշան, Լեւոն Շանթը, Վահան Թէքէեանը: Միջազգային պատմութեան մէջ՝ Մահաթմա Կանտիի ոչ-բռնի դիմադրութեան փիլիսոփայութիւնը, Մարթըն Լութըր Քինկի ամերիկեան քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումը: Այնշթայնի յարաբերականութեան տեսութիւնը, Սթիւ Ճոպսի «Apple»ը, Ռայթ եղբայրներու թռչելու յախուռն փափաքը եւ օդանաւի գիւտը, իսկ արուեստական բանականութեան ստեղծումը կը ներկայացնէ կոթողային այլ նուաճում մը, որ ծնունդն է «տուփէն դուրս» արտասովոր մտածողութեան:
Նշեալները օրինակներ են, դեռ կարելի է երկարել շարքը, բայց մեր նպատակը անուններու եւ իրագործումներու շարանը չէ, այլ ճիգ մը ցոյց տալու, թէ «տուփէն դուրս» մտածելու եղանակով ինչե՜ր կարելի է ընել:
Պատմական մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց, հայ ժողովուրդին համար առանձնայատուկ նշանակութիւն պէտք է ունենայ «տուփէն դուրս» մտածելու կարողութիւնը: Այս մտածելաձեւը, որ, ինչպէս ըսինք, կ’ենթադրէ կտրել դասական իմաստութեան սահմանները եւ պեղել հաստատուած ու ընդունուած նորմերէն անդին, կրնայ փոխակերպել հայ ժողովուրդին իրավիճակը թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ընկերային-հասարակական եւ թէ՛ գիտական-արհեստագիտական մարզերուն մէջ:
Հայերս տոկունութեան եւ յարմարելու երկար պատմութիւն ունինք: Վերապրած ենք ցեղասպանութիւններէ, եւ բռնի տեղահանութիւններէ ետք աշխարհի տարածքին ստեղծած ենք համայնքներ, որոնք վերածուած են սփիւռքներու, բայց երբեք այն միացեալ միաւորին, զոր, հակամէտ ենք, երբեմն գլխագիր՝ Սփիւռք կոչելու: Այս սփիւռքներու կազմակերպման ընթացքին, անհատաբար ցուցաբերած ենք նորարար մտածողութեան եւ հաստատակամութեան որոշ կարողութիւն: Սակայն, ժամանակակից հայը, (այս եզրին մասին պէտք է լրջօրէն մտածել) նաեւ Հայաստանի մէջ, երբեք չէ ցուցաբերած «տուփէն դուրս» մտածելու վարքագիծ, առնուազն հաւաքական մակարդակի վրայ, եւ այդ միջոցով լուծելու ընթացիկ մարտահրաւէրները եւ օգտուելու բազում նոր հնարաւորութիւններէն: Չենք վարանիր երբեմն նշելու, որ հայը տակաւին կը մտածէ 1860-ի ազգային սահմանադրութեան եղանակով կամ Րաֆֆիի խաչագողներուն տրամաբանութեամբ. կա՛մ ամիրա ենք, կա՛մ թաղականին կնիկը, կա՛մ Աբիսողոմ Աղա (առաջին կարգ նստիլը եւ նկարուիլը պայման), կա՛մ ալ «ըստ հրաւէրի» յառաջաբաններ գրելու եւ նոյն դասախօսութիւնը տասը անգամ վաճառելու պատրաստ «գիտնականներ»: Չմոռնանք Թումանեանի «Քաջ Նազարը» եւ այսօրուան քաջ նազարները: Փանջունիները եւ քազ նազարները շատոնց մտերիմներ դարձած են….
Հայաստանի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները, մանաւանդ շրջապատուած ոչ-բարեկամ (թշնամի չըսելու համար) երկիրներով, կը պարտադրեն ռազմավարական «տուփէն դուրս» մտածողութիւններ: Դիւանագիտական ստեղծագործ ճիգերը, շրջանային դաշինքները եւ միջազգային բարեկամութիւնները կրնան նպաստել յաղթահարելու այս բարդութիւնները: Պատմութեան դասեր, հարցադրումներ, վերլուծումներ, հաւանականութիւններու ճշդում, հաւաքական քննարկումներ, նորարական աշխարհահայացք, բոլորը անցնել ազգային շահերու եւ անվտանգութեան պրիսմակէն ու որոշումներ կայացնել: Շատ կը լսենք այս օրերուն. «հայ ժողովուրդը պատմութենէն դասեր քաղելու սովորութիւն չունի՛», նաեւ «ապագան երբե՛ք ծրագրել չի գիտեր»:
Հասարակական հարցերը, ինչպէս՝ կրթութիւնն ու առողջապահութիւնը նոյնպէս կը պահանջեն նորարար մօտեցումներ եւ ոչ-աւանդական լուծումներ: Տակաւին, Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական մարտահրաւէրներու: «Տուփէն դուրս» մտածելը կրնայ առաջնորդել տնտեսական նոր մարզերու զարգացման, ինչպէս արհեստագիտութիւնն եւ զբօսաշրջութիւնը, եւ խթանելու ձեռներէցութիւնը: Օրինակ, աշխարհասփիւռ հայութեան կամ հայկական սփիւռքներու փորձառութեան եւ միջոցներու օգտագործումը կրնայ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել Հայաստանի մէջ: Հոս եւս կարեւոր է «տուփին մէջ ձգել» աւանդական սփիւռքին սահմանումը եւ «Հայաստան-սփիւռք» «գործակցութեան» կամ «չգործակցութեան» հնամաշ ու քանդիչ մտածողութիւնները: Պետութիւն-սփիւռքներ յարաբերութիւնը պէտք է յառաջադէմ նոր տարազով մը արտայայտուի: Երբ կեանքի որակը բարելաւուի Հայաստանի մէջ՝ ապահովութեան, պատկանելիութեան եւ տնտեսական առումներով, այդ մէկը հիմնովին կը նուազեցնէ արտագաղթը Հայաստանէն, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի երկրի կայունութեան, զարգացման եւ գոյատեւման համար:
Հայաստան ունի շրջանին մէջ արհեստագիտական կեդրոն դառնալու ներուժը` մարդկային դրամագլուխի, ստեղծագործական ունակութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու նկատմամբ աճող հետաքրքրութեան շնորհիւ: Իր երիտասարդ, ուսեալ բնակչութեամբ, որ պատրաստ է ընդունելու նորարարութիւնները, Հայաստան կը գտնուի տնտեսական նոր հնարաւորութիւններու շեմին: Նորարարական մշակոյթ խթանելով եւ նորաստեղծ ձեռնարկութիւններուն (start-ups) զօրավիգ կանգնելով, Հայաստան կրնայ արհեստագիտական բարձր լուծումներ առաջադրել եւ առաջատար դիրք գրաւել արագ զարգացող արհեստագիտական աշխարհին մէջ: Այս իմաստով, «տուփէն դուրս» մտածող կարեւոր քայլ կը նկատուի 1 յուլիսի 2024-ին Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը՝ Շարլ Ազնաւուրի անունը կրող Հայաստանի ազգային գերհամակարգչային կեդրոնին: Այս կեդրոնին առաքելութիւնն է խթանել հետազօտութիւնները ճարտարարուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ:
Իսկ «տուփէն դուրս» մտածելու եւ այդ մտածումը իրականութեան վերածելու մեծագոյն նախաձեռնութիւններէն մէկը հայ իրականութեան մէջ այսօր կը հանդիսանայ «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար արհեստագիտական կրթութեան կեդրոններու հաստատումը Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Կ’ուզե՞նք «տուփէն դուրս» մտածողութիւնը լաւապէս ըմբռնել ու ընդօրինակել՝ դիմենք «Թումո»յի հիմնադիրներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն ու հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն՝ Մարի Լու Փափազեանին: «Թումոն» անվճար արտադպրոցական ծրագիրներ կը տրամադրէ 12-էն 18 տարեկան պատանիներուն ու անոնց արհեստագիտական հմտութիւններ կը սորվեցնէ, գործնական մօտեցումը մը՝ որ ոչ միայն աշակերտները կ’օժտէ անհրաժեշտ գիտելիքներով, այլեւ կը խթանէ քննական մտածողութիւնը, խնդիրներու լուծումը եւ համագործակցութիւնը, որոնք յաջողութեան կարեւոր որակներ կը նկատուին արհեստագիտութեան մէջ:
Օգտագործել հայկական սփիւռքներու փափուկ ուժը
«Փափուկ ուժը» կը վերաբերի պետութիւններու կամ երկիրներու ուրիշներու վրայ ազդելու կարողութեան՝ գրաւչութեան եւ համոզումի մեթոտներու, որոնք կը ծագին երկրի մը մշակոյթէն, քաղաքական իտէալներէն եւ քաղաքականութենէն (տեսնել փրոֆ. Հրաչ Չիլինիկիրեանի յօդուածը հետեւեալ կապով): Մինչդեռ «կարծր ուժը» կ’ընդգրկէ պարտադրանքի, ռազմական ուժի եւ տնտեսական լծակներու օգտգործումը յատուկ նպատակներու հասնելու կամ երկրի մը նպաստաւոր արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար: Ուժի կիրառութեան երկու ձեւերն ալ վճռորոշ են պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ «փափուկ ուժը» կը խթանէ կայուն յարաբերութիւններն ու ազդեցութիւնը, մինչդեռ «կարծր ուժը» լուծում կը բերէ կարճաժամկէտ նպատակներու բիրտ ուժի գործածութեան միջոցով (նոյն):
Հայաստան- սփիւռքներու յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ «կարծր ուժը» այնքան ալ գործնական չէ, բայց ինչպէ՞ս օգտագործել սփիւռքներու «փափուկ ուժը»: Այսօր հայերը միջազգային ճանաչում ունին իրենց հարուստ մշակոյթով, գիտական նուաճումներով, ստեղծագործական ունակութիւններով եւ առեւտուրի մէջ յաջողութիւններով: Կոմիտաս, Արամ Խաչատուրեան, Շարլ Ազնաւուր եւ Սերժ Թանքեան միջազգային ծանօթ դէմքեր են երաժշտութեան մարզին մէջ: Տասնեակ հազարաւոր հայերու համատարած ճանաչումը արուեստի եւ մշակոյթի տարբեր մարզերուն մէջ կը վկայէ առկայութիւնը հայկական սփիւռքներու ունեցած «փափուկ մեծ ուժին»:
Գիտութեան մէջ, հայ գիտնականներ կարեւոր յայտնաբերումներ կատարած են ամբողջ աշխարհի տարածքին: Covid-19 համաճարակի ժամանակ Նուպար Աֆեյեանի Moderna-ն մշակելով առաջին պատուաստներէն մէկը՝ վիթխարի նպաստ բերաւ մարդկութեան: Գիտութեան մէջ տակաւին պէտք է նշել անունները Ռայմոնտ Վահան Տամատեանի (MRI սարքի գիւտարարը), Արտեմ Փաթափութեանի (Նոպելեան մրցանակակիր, մոլեքուլային կենսաբան), Վարդան Գրիգորեանի (պատմաբան եւ Պրաուն համալսարանի ու Նիւ Եորքի Քարնեկի ընկերութեան հիմնադրամի նախագահ, «Aurora» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր), տոքթ. Լեւոն Խաչիկեանի (կենսաբժշկական գիտաշխատող), Քրիսթինա Մարանչիի (արուեստաբան, հայ արուեստի եւ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան մէջ նշանակալի ներդրումով), Տարօն Աճեմօղլուի (տնտեսագէտ) եւ Վիքթոր Համբարձումեանի (աստղագէտ): Business-ի մէջ պէտք է յիշատակել նաեւ անունները Ալեք Մանուկեանի եւ Քըրք Գրիգորեանի իբրեւ «տուփէն դուրս» մտածող հայերու ազդեցութեան եւ յաջողութեան օրինակներ: Այս բոլորը միասին կ’ընդգծեն սփիւռքներու լայն կարելիութիւնները փափուկ ուժ կիրարկելու առումով:
Յստակ է այլեւս, այսօր սփիւռքներու փափուկ ուժը աւելի ու աւելի կը կեդրոնանայ անհատներու, քան աւանդական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ձեռքը: 21-րդ դարուն, հայ անհատներ, անկախ իրենց գտնուած վայրէն, կրնան օգտագործել իրենց փափուկ ուժը կամ ցանցային միջոցներով ուղիղ կապեր հաստատել Հայաստանի հետ: Անցեալ տասնամեակներուն, դասական-աւանդական հաստատութիւններու միջնորդական դերը մեծապէս նահանջած է սփիւռքներու համայնքային կեանքին մէջ: Սակայն, հրատապային սկսած է դառնալ այս փափուկ ուժը համախմբելու անհրաժեշտութիւնը մնայուն եւ համակարգուած կառոյցի մը կամ կառոյցներու մէջ:
Սփիւռքներու փափուկ ուժը ամբողջութեամբ օգտագործելու եւ ամրապնդելու նպատակով, «տուփէն դուրս» մտածելը անգամ մը եւս ինքզինք կը պարտադրէ: Ոչ միայն այդ. դասական մօտեցումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին եւ «տուփէն դուրս» փնտռուին համաշխարհային հայ համայնքի կամ գլխագիր Սփիւռքի մը ստեղծման կարելիութիւնները՝ նորարարական մեթոդներով: Ստեղծագործ եւ ոչ-աւանդական ռազմավարութիւններ որոնելով՝ սփիւռքը հաւանաբար կարենայ ազդեցութեան եւ հայկական պատկանելիութեան ու կապի նոր ուղիներ գտնել:
Սակայն, վստահաբար շատեր ոչ միայն պիտի ուզեն «տուփին մէջ» մնալ, այլեւ պիտի չթողուն որ ուրիշներ նաեւ «տուփէն դուրս» ելլեն ու տարբեր մտածեն: Հայկական աւանդական պահպանողականութիւնը (կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ, միութիւններ) պիտի փորձէ պահել իր «տուփին մէջ»ի մտածողութեան ձեւը եւ խոչընդոտել նորարութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմագրաւել կարենալու համար: Կը տեսնենք արդէն, որ այս պահպանողականութիւնը ինչպէ՛ս նստած է տուփին կափարիչին վրայ եւ յառաջընթացի ամէն ելումուտ փակած: Թէ ի՞նչ «գանձեր» պահուած են հոն, միայն ապագան կրնայ օր մը յայտնաբերել:
Արդ, հայ ժողովուրդին համար «տուփէն դուրս» մտածելը ո՛չ միայն ընտրութիւն է, այլեւ անհրաժեշտութիւն մը մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ յառաջ երթալու համար: Նորարարական մօտեցումներ որդեգրելով քաղաքականութեան, տնտեսութեան, արհեստագիտութեան եւ ընկերային հարցերու մէջ, հայերը կը յաջողին շարունակելու տոկունութեան եւ կացութիւններու յարմարելու իրենց դարաւոր աւանդը: Ստեղծագործ մտածողութեան ճամբով կարելի է որոնել ու գտնել նոր կարելիութիւններ, խթանել ազգային միասնականութիւնը եւ ապահովել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին բարգաւաճ ապագան:
Շատ ճիշտ դիտարկում։ «Տուփէն ներս»-ը ունի հոմանիշ մը՝ լճացում։ Այլ խօսքով՝ չալեկոծուող, սահմանափակ, չզարգացող։ Յայտնի նաեւ որպէս Confort zone, մինչ աշխարհը նոր մարտահրաւէրներով ու մրցակցութիւններով լեցուն, լուսանցքի վրայ կը պահէ լճացածները։
Ամէն անհատ եւ հաւաքականութիւն ինք պիտի որոշէ ուր կ՚ուզէ ըլլալ ապագայ հանգրուաններուն։